Մայր դիւան Մխիթարեանց Վենետկոյ ի Ս. Ղազար 1707-1773 ի ծագմանէ ուխտիս մինչեւ ցբաժանումն Թրեստեան հարց

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Բենեդիկտոս ԺԴ. մեծ հանդիսաւորութեամբ կը շնորհէ Պատրիարքական Պալիում մեր Աբրահամ Պետրոս Ա. Պատրիարքին` իր Առաքելական պալատին մէջ` Աստուածածնայ Անարատ Յղութեան տօնին:
       Մեր նամակագիրը ոչ միայն կու տայ մանրամասն նկարագիրը սոյն հանդիսին, այլ նաեւ յոյժ կը շահագրգռէ Սրբազան Հօր կողմանէ եղած ընծաներովն ու պատուաբեր արտօնութեամբ մը, որոնք ստուգիւ նշաններ են Անոր հայրական բացառիկ սիրոյն, ինչպէս այնքան որոշակի կ՚արտայայտուի նամակիս մէջ, մանաւանդ հոն նշանակուած ինչ ինչ աննպաստ պարագաներու միջոց:
       Գերյարգելի եւ գերապատուելի տէրութեան ձերում յոյժ սիրով եւ յարգութեամբ ողջոյն մատուցանեմ
       Նաեւ հետեւեալով առ ի ծանուցանել գերյարգելութեան ձերում գերապայծառ Պետրոս պատրիարքին կողմանէ յայտ առնեմ, որ որպէս միուս գրովս ծանուցի Աստուածածնայ մաքուր յղացման որն ընկալաւ Փափէն զպատրիարգական փալիօն, միայն թէ ոչ ի Սանթա Մարիայ մաճօռ, այլ փափի պալատն հանդիսաւորապէս առաջի բազմաց կարտինալաց, ետ որոյ փափն ընծայեց սմայ մին պատուական զումրուխթ խաչ, մին մատանի եւ մին պատուական սուռջառ, եւ ընդ իւր տարեալ էր աղաչայ պետրոսն որ առաջի անգամ համբուրեց զտոն փափին, յոյժ սիրով ընկալաւ զնոսա: Եւս յայտ լիցի որ փափն հրամայեալ էր թէ փռօփականտա որչափ հայու կամ արպու լեզուաւ գրեանք կան, լաւ կազմով կազմեն, որ եւ արարեալ եւ պատրաստեալ էին. եւ երբ պատրիարքն գնաց փափին շնորհակալութիւնս մատուցանել վասն փալիսին, նոյն պատրաստեալ գրքերն եւ հրամանուցդ յղեցեալ աստուածաշնչերուն մէկն ետ պատրիարքին, յաժմս աւարտեցան արարողութիւնքն, բայց սոյն պատրիարքս կայ տկարութեամբ եւ ոտից եւ փորու խոստուկի կողմանէ :
       Այն որ նշմարեցի միուս գրովս թէ մօնսինեօր Պօնան ժողովքին եւ քարտինալ Փէթրային գրեր է, զանազան պատճառաւ անհաւանութիւն տաքով վասն սորայ պատրիարքութեան եւ տեղս հաստատման կողմանէ, որ եւ առաջ քան զփալիօն տալն փափին ծանուցին, եւ փափն բարկացեալ ոտնակոխ արար զգիրն նորին ասելով, (եթէ ) ոք եկեսցէ առ սուրբ աթոռն պարտ է ընդունել զնա, եւս առաւել եկեղեցնայ աշխատաւոր հաւատարիմ որդիքն, բայց կարծեմ սոյն բանս դառնայ ի վնաս նոյն մոնսինեօր Պօնային…: աղայչա Պետրոսին հետն պատկերներն եւ տնօրինման գիրն կու ուղարկեմ: Սոյն պատրիարքն իմացաւ այս տնօրինման կողմանէ. ասաց ինձ. Թող մնայ այդ, մի առներ, երբ ես տեղն գնամ ունիմ իշխանութիւն տնօրինելոյ եւ օրհնելոյ: Բայց ես ըստ հրամանի ձերում արանց ըսպասելոյ նորա գալուստեան յղելոց եմ զտնօրինումն, քանզի թէպէտ իւրեան չասի, լինի թէ ունի զիշխանութիւնս այս, բայց կարծեմ ոչ ի յարեւմուտս այլ ի յարեւելս:
       Սոյն Պատրիարքս ունի իշխանութիւն ԺԲ քաւալլիէր առնելու. կամի եւ ասաց աղայչա Պետրոսին: Քեզ քաւալլիէր կանեմ , եւ սա կերեւի որ փափաք եւ կամք ունի լինելոյ սինեօր քաւալլիէր:
      
       Ամի տեառն 1742 Դեկտեմբերի 22 Հռովմ]
       Խոնարհագոյն ծառայ [պատկերահան ] Յոհաննէս