Մայր դիւան Մխիթարեանց Վենետկոյ ի Ս. Ղազար 1707-1773 ի ծագմանէ ուխտիս մինչեւ ցբաժանումն Թրեստեան հարց

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Պատմութիւնը մեզ կ՚աւանդէ որ 1718 յուլիս 21-ին Օսմանցւոց եւ Գերմանացւոց միջեւ հաշտութիւն կը կնքուի Փասսարիվիչի մէջ: Վեննայէն կը ղրկուի Թալման կոմսը եւ Վիրմոնտ իշխանը. իսկ Վենետկէն Ռուցցինի ասպետը` իբր պատուիրակներ ժողովոյն` որ կը սկսի յունիս 5-ին եւ տասներկու նիստերէ վերջ հաշտութեան պայմանները կը հաստատուին:
       Արդ, ստորեւ հրատարակածնիս, որ առանձին թղթի մը վրայ նոտրգիր կը գտնուէր մեր Դիւանի 1718-ի հաւաքածոյին մէջ, ծանօթութիւններ են սոյն ժողովի` Վենետկոյ Հասարակապետութեան հետ առընչութիւն ունեցող յօդուածներուն մի քանի մասերուն: Թէ ինչո'ւ մասնաւոր ուշադրութեան առնուած են այն կէտերը. մեզ կը թուի որ նոյն ժամանակի Վենետկոյ կամ հոնկից անցնող Հայ վաճառականներու գործոց դիւրութեան ու ձեռնտուութեան համար եղած ըլլայ: Թուղթս ստորագրութիւն չունի, բայց հաւանօրէն Մխիթարայ աշակերտներէն միոյն գործն է:
       Ծանօթութիւնք ի վերայ յօդուածոց ինչ Հաշտութեան (այսինքն պարըշի) եղելոյ ի Բոզարօվիչ ի 21 յուլիսի 1718 ընդ մէջ սուլթան Ահմէտի եւ Վէնէտիկեան Հասարակապետութեան, յորս ճառի յաղագս տուրեւառութեան եւ վաճառականութեան հպատակաց (այսինքն ռայէից) երկոցունց կողմանց, որք առնեն վաճառս յերկրի տէրութեան երկուց կողմանց, որպէս երեւի ի յօդուածն ԺԳ. ԺԵ. ԻԵ:
      
       ա. Ապացուցութեամբ գործոյ յայտնի ցուցանի, զի վէնէտիկեցի վաճառականք, ոչ միայն բնակեցեալքն (այսինքն սափին օլանլար ) ի բազում ամաց հետէ յերկրի տէրութեան օսմանցւոց. այլ նաեւ որդիք նոցա ծնեալք ի նմին երկրի տէրութեան օսմանցւոց , ոչ երբէք ստորագրեցան, եւ չեն իսկ ստորադրեալ իմիք հարկատուութեան (այսինքն խարաճի կամ վէրկիի ) ի 1718 թուականէ անտի եւ այսր: Եւ թէպէտ դաշնագիրն (այսինքն ահտնամէն Բոզարովիչու ի յօդուածն ԺԳ. ենթարկէ խարճի (որ է հարկ ինչ դուզնաքեայ ) զայնոսիկ, որք բնակեցեալ են (այսինքն սափին օլանլարը ) ընդ օսմանցւոց տէրութեամբ. սակայն այս հարկ ոչ երբէք պահանջեցաւ ի նոցանէ:
       բ. Քսաներորդ յօդուածն բացայայտ դնէ, թէ հպատակք (այսինքն ռայէք ) երկոցունց կողմանց որք տուրեւառիկ լինին յերկրի տերութեան երկոցունց կողմանց` կարօղ լիցին տուրեւառս եւ վաճառս առնել անդորրութեամբ եւ ապահովապէս, առանց ուրուք արգել լինելոյ նոցա *: Եւ քանզի սովորութիւն անընդհատ հանապազորդեալ` ստանայ զուժգնութիւն օրինաց եւ դաշնադրութեան, սմին իրի օսմանցիի ըռայէ վաճառականաց` անաղարտելի իրաւունք ի ճահ պատկանին` պահանջելոյ փոխադարձ արդարութեամբ եւ իրաւամբ, զի հաւասար օրինակաւ վարեսցի ընդ նոսա:
      
       գ. Իբրեւ կամ եղեւ երբեմն անցեալ տէրութեանն Վէնէտկոյ դնել ի վերայ Յօհաննէս աղայի Սեղբոսեանց զհարկ վաճառականաց 30 արծաթ տուգաթից ի տարւոջ. ի բողոքել նորա` առժամայն ազատ կացուցաւ եւ ոչ երբէք վճարեաց զայնպիսի հարկ մինչեւ ցայսօր:
      
       դ. Եթէ դէպ լիցի այսմ նորոյ տէրութեան Վէնէտկոյ բռնի մուծանել զայս նորութիւն, դնելոյ արտաքոյ կարգի զհարկ ի վերայ հպատակաց օսմանցւոց, հաւանական է յոյժ, թէ եւ օսմանցւոց տէրութիւնն ըստ նմին օրինակի ծանրաբեռնեսցէ հարկօք զվէնէտիկեցի վաճառականս զբնակեցեալս յընդարձակ տէրութեան իւրում, որք անհամեմատ առաւելութեամբ են բազմաթիւ. յորմէ զհետ գայր եւ այս, զի վէնէտիկեան տէրութիւնն յառնուլն աստէն զգումար ինչ հարկի եդելոյ ի վերայ օսմանցի հպատակաց` պարտաւորեսցէ զվէնէտիկեցիս զբնակեցեալս ի տէրութեան օսմանցւոց վճարել մեծամեծ տուժանօք իւրեանց ազգին` զեւս առաւելն, որովհետեւ դիւրին է օսմանցւոց տէրութեանն պահանջել ի վէնէտիկեան ազգի զի սկսեալ ի 1718 թուականէ եւ այսր` վճարեսցի ինքեան ոչ միայն խարաճն, այլ եւ ամենայն այլ հարկք ըստ օրինակին` որով վճարեալ եղեն յիւրոց հպատակաց:
      
       ե. Նոր տէրութիւնն վէնէտկեան ի պահանջելն զայսպիսի տարականոն հարկս ի հպատակաց օսմանցւոց` առիթ տայր Տէրութեանն (այսինքն տէվլէթին ) համարելոյ զայն ինքեան ի նախատինս` եւ վասն այնր շարժելոյ ի ցասումն. մանաւանդ զի ի ԻԵ. րդ յօդուածն Ահտնամէին յայտնապէս ասի. թէ մի նեղեսցին պահանջմամբ առաւելագոյն տրոց, եւ այլոց նորոգ սահմանեալ հարկաց *. եւ յայսմանէ զհետ գային նմա անցք դժկամք` ոչ միայն ընդ օսմանցւոց տէրութեանն, այլ նաեւ ընդ այլ ամենայն ազգս եւրոպէացւոց. որոց մարդիկ ոչ միայն ի բազում ամաց հետէ բնակեցեալ են յերկրի օսմանցւոց տէրութեանն, այլ եւ ըստ մեծի մասին ծնեալք անդէն, եւ սակայն ընդ երկայն ամս յաջորդական սերնդոց համարեալ են ընդ փրանկս, եւ վայելեն ի բազում ապահարկութիւնս: Եւ եւս տուեալ լինէր առիթ դեսպանաց եւ մինիսթրոյից այլոց ազգաց եւրոպէացւոց` նախանձաւորաց վենետկեան տէրութեանն` ատելի առնելոյ զնա յաչս օսմանցւոց տէրութեանն: