Մայր դիւան Մխիթարեանց Վենետկոյ ի Ս. Ղազար

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Շատ կարեւոր թուղթ մ'է հետեւեալը:
       Նախ կը տեղեկանանք, որ Բենեդիկտոս ԺԴ. մասնաւոր Քննիչ կը կարգէ Հռովմայ մէջ մեր Աբրահամ կաթողիկոսը, «առ ի որոնել եւ քննել զեպիսկոպոսունս եւ զեկեղեցականս հայոց, սկսեալ ի մկրտութենէ մինչեւ վերջին աստիճան» եւ այլն: Քահանայապետական այս լուրջ կարգադրութեան պատճառներն են- ինչպէս կիմացուի- առ Ս. Գահ հասած կարգ մը աննպաստ լուրեր, որոնք կասկածի ենթարկած էին Հայ կղերականներէ ոմանց ընդունած Ս. Խորհուրդները եւ Ձեռնադրութեանց օրինաւորութիւնը: Աբրահամ կաթողիկոսի կատարած քննութիւնը դժբախտ արդիւնք մու կու տալ յանձին Հայ բարձրաստիճան ծանօթ եկեղեցականի մը` Սուքիաս եպիսկոպոսին, որոյ ընդունած խորհուրդները անվաւեր կը հռչակուին. ըստ այնմ իբր հետեւանք նոր կագադրութիւններ կըլլան:
       Երկրորդ կարեւորութիւն մալ, զոր կը ստանայ մեր վաւերաթուղթը, այն է` որ Ս. Քահանայապետը կը պատուիրէ Հռովմ գտնուող բոլոր արեւելեան ազգերուն, որպէս զի ամէնքն ալ իրենց զգեստով եւ արարողութեամբ կատարեն թէ պատարագը եւ թէ միւս ամէն եկեղեցական հանդէսները:
       Այս լուսամիտ հրահանգը պէտք է նախամուտ նկատենք տասնեակ մը տարի վերջ Բենեդ. ԺԳ է հրատարակուած այն հռչակաւոր եւ յաւերժական յիշատակաց արժանի կոնդակին («Մատուցան ի ժողով յարգելի եղբարց») զոր ուղղեց. Առ Միսիոնարս կարգեալս ընդ արեւելս յաղագս պահպանութեան Ծիսից եկեղեցւոյն Զունաց եւ այլոց Արեւելեայց» (հրտր. յամին 1755 Մարտի 13): Նախամուտ կոչեցինք, որովհետեւ Ս. Հայրն ինքնին այդ կոնդակը տուած ատեն` այսպէս կըսէ. «Զնոյն եւ մեք հեղինակութեամբ մերով հաստատեցաք, շարժեալք մանաւանդ ի վճռոյն եղելոյ յայլում նուազի եւ ի ժողովոյ անտի տարածման հաւատոյ ի 31 յունվարի յամին 1702. որ յայնմհետէ բազում անգամ հաստատեցաւ եւ նորոգեցաւ»:
       Հանրական թուղթիս թարգմանութիւնը կատարած եւ 1755-ին հրատարակած է ի Հռովմ Մխ. Ուխտէս Հ. Վրթանէս Ասկերեան: Նոյնը երկրորդ անգամ հրատարակուեցաւ 1914-ի ԲԱԶՄԱՎԷՊԻՆ մէջ (տես էջ 379, 417):
       Գերապատուելի եւ գերյարգելի տեառնդ իմոյ մեծաւ յարգութեամբ ողջոյն մատուցանեմ
       Ներկայ գրիւս ոմանս իրս պարտ է ինձ ծանուցանել գերյարգելութեան ձերում. նախ գեռապայծառ Պատրիարգին կողմանէ. նախ յայտ լիցի որ առաջ քան զերկրորդ անգամ անկարծակի սաստկապէս հիւանդանալն իւր, փափն իւրեան իշխանութիւն տվաւ առ ի որոնել եւ քննել զեպիսկոպոսունս եւ զեկեղեցականս հայոց ըսկսեալ ի մկրտութենէ մինչեւ վերջին աստիճան, որ քաղաք, որում անձէ եւ որոյ աղաքաւ առեալ են զկարքն եւ այլն. արար զքննութիւնս ամենեցուն, բաց ի միւսն զամենեքին օրինապէս առեալ են: զկարքսն. եւ այն մէկն իսկոյն հրամանաւ հայրապետին արքելեցաւ պատարագելոյ եւ խոստովանանք լսելոյ. ետ զատկին պիտի վերստին օրհնէ. տալով նմայ զամենայն սուրբ աստիճանս եւ պատճառն է զի օրհնողն իւր առանց ընդունելոյ զկարք քահաննայութեան եպիսկոպոս եղեալ է. այս բանս Հռօմ ամենայն արեւելեան ասգաց յայտնի է, եւս բազում Ֆռանկաց, բայց տեղդ կարծեմ դեռ եւս չէ լսվաց, վասն որոյ խնդրեմ մնասցէ ի ներքոյ կնքոյս Սուքիաս եպիսկոպոս :
       Եւս յայտ առնեմ զի Փափն հրամայեաց ամենայն արեւելեան ասգաց Հռօմ եղելոյ, զի ամենեքեան իւրեանց ըսկէստիւ եւ արարողութեամբ առնեն զպատարագն եւ զայլ զայլ եկեղեցական արարողութիւնսն, մկրտութիւնն, վերջի օծումն, թաղումն եւ զատկական սրբութիւն առնելն ամէն ամէն ազգն իւր եկեղեցին, վասն որոյ ամէն ազգէ մէկ մէկ քուռաթ կարքէցին, հանդերձ քննութեամբ առաջի կարտինալ Վիքարին, վասն մեր ազգի տէր գրիգորն ոչ կամեցաւ յանձն առնուլ քուրաթ լինին, վասն որոյ մեր կարտինալն զստեփան վարդապետն առաջ էած, նախ քան զայս: Զ ամիս կայ որ ողորմամբ եւ աշխատութեամբ տօն տօմէնիքոյին եւ միջնորդութեամբ կարտինալ Կարաֆին հոյն ըՍտեփան վարդապետն Փռօփականտայի քօլէճն ի վերայ մանկանց հայոց լէքթօր կացուցեալ էին, բայց առանց եկամուտի. վասն որոյ մեր կարտինալն կամեցաւ տէր Գրիգորին փառգն բայց առանց եկամուտն, վասն որոյ մեր կարտինալն կամեցաւ տէր Գրիգորին փառգն սորայ վերայ անել եւ տէր Գրիգորն ճանապարհ դնել…
       Հոգեւոր Տէրն յաժմս յաժմս քօնթումաջէի պատճառաւ դիտաւորութիւնն փոխեց Վենէտիկ գալու, այս ամսիս վերջն կամի ճանապարհորդ լինիլ Ալիկուռնայու վերայով, իրաւի ճշմարիտն ասեմ հայր գերյարգելի որ եզակի եւ գովութեան արժան մարդ է, եթէ այլ անձանց եւ այլ տեղաց այլ եւ այլ բան լսես չի հաւատաս, այլ գրով երբ ժամանակ ունենամ ծանուցանեմ հրամանուցդ զհատկութիւն սորին…:
       Աղայ Պետրոսն ետ զատկին կամի ճանապարհորդ լինիլ, կարծեմ գրելոց հրամանուցդ, եթէ բերէ պատկերներն սորայ հետ ուղարկեմ…
      
       Հռօմայ, ամի տեառն 1743 Աբրիլի 13
       խոնարհագոյն ծառայ պատկերահան Յօհաննէս