Մայր դիւան Մխիթարեանց Վենետկոյ ի Ս. Ղազար 1707-1773 ի ծագմանէ ուխտիս մինչեւ ցբաժանումն Թրեստեան հարց

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Ակնեցի Եաղուպ աղա, որ կը յիշատակուի մեր հետեւեալ վաւերաթուղթին մէջ, ազգային պատմութեան մէջ ուշագրաւ տեղ մը կը գրաւէ` Կ. Պոլսոյ միջազգային մարմիններու առջեւ վայելած դիրքով եւ հայ Պատրիարգական աթոռին շուրջ իր ստանձնած դերերով: Ժամանակակից ազգայնոց մէջ ստուգիւ ճանչցուած է ան իբրեւ ազդեցիկ դէմք մը, որոյ հաւասար չէր ոք լեալ ի հայոց մինչեւ ցայնժամ», կըսէ Չամչեան:
       Յակոբ Նալեանի Կ. Պոլսոյ պատրիարգական գահը վերստին բարձրանալուն պատճառը Եաղուպ եղած է, որովհետեւ երբ սա Երուսաղէմ ուխտի կերթայ հոն Նալեան- նոյն ատեն Պատրիարք Երուսաղէմի- «սիրելի եցոյց նմա զինքն, եւ բազում ինչ խօսեցեալ ընդ նմա` աղաչեաց զնա դարձուցանել զինքն ի պատրիարքութիւն Կոստանդնուպօլսոյ»:
       Եաղուպ կը կատարէ անոր թախանձանքթ, ինչպէս կը կարդանք հետեւեալ նամակին մէջն ալ, հրաժարեցնելով միանգամայն Գէորգ վարդապետը նոյն աթոռէն ու զայն կարգելով Պրուսայի առաջնորդ: Իսկ Երուսաղեմի պատրիարք կը դնէ զԹորոս վարդապետ:
       Գերամեծար Գերյարգելի Աբբայհօր մերոյ եւ Րաբունապետի Ստեփաննոս Վրդպ. ի խնդալ ի տեր
       Մահտեսի Եաղուբ աղան եկն յԵրուսաղէմայ, եւ եբեր ընդ իւր զՆալօղլու Յակոբ վարդապետն. եւ նստաւ փառաւորապէս Նալօղլուն պատրիարք յՍտամպօլ յաւուր պէնտէկոստէին. եւ իբր զմեսիայ ընկալաւ զնա ժողովուրդն. եւ ասի ի հակառակաց անտի, թէ զմիաբանութիւն առնելոց է ընդ Հռօմայ եկեղեցւոյն, որով եւ կաթուղիկութեան վէճն բարձցի. եւ մինչեւ ցայսօր լաւ եւ ընդ ուղղափառաց… Յաւուրս յայսոսիկ եղեն մեծամեծ հրդեհք յՍտամպօլ. Առաջին եղեւ ի յունիսի 18 ի Կէտիկ փաշան, եւ տեւեաց ժամս 17. սկսաւ յետուստ սէտէֆճոց. եւ այրեաց զամենայ h զԿէտիկ փաշայն զԽատի լիմանն, եւ զամենայն Ղումխափուն, նաեւ արտաքով պարսպին եղեալ տունս զամենայն Ղումխափուին . եւ ընդ ամէն այրեցան տունք աւելի քան զչորս հազար, եւ Աստուածածնի ժամն հայոց ազատեցաւ ձեռամբ Եաղուպ աղային` որ յայնմ աւուր քան հարիւր քէսէ խարենաց գնելով եւ փլուզանելով զտունսն մերձակայս ժամուն, զոր թէ ոչ առնիցէր` բովանդակ Վլանկայն եւս այբիւր… Եղեւ քրիստոնէից յունաց եւ մանաւանդ հայոց մեծ աղէտ եւ աննորոգելի ցաւ: Երկրորդն եղեւ ի յունինս 25 եւ սկսաւ մօտ Սրմաքէշխանային, եւ այրեաց եւս անդ ի ներքո զօտաս ինչ, եւ եկն մինչեւ ի Սուլթան Պայազիտի մէյյին, եւ այրեաց եւս անդ ի ներքո զոտաս ինչ, եւ եկն մինչեւ ի Սուլթան Պայազիտի մէյտանն. եւ այրեցան անհամար խանութք եւ տունք աւելի քան զհազար: Երրորդն եղեւ ի Պախճայ խափուն ի յունիսի 26, եւ այրեաց միայն զմի մեծ սարայ, եւ զոմանս տունս: Այրեցաւ եւս ի թէրսխանան պէյիկ նաւ մի: Եւ յամէն օր գտանի ի տեղիս տեղիս մի կամ երկու կամ երեք խունտախ արկեալ առ ի հրդեհս հանել: Եւ առնեն զայս… տաճիկք վասն զթագաւորն փոխելոյ. եւ երկիւղ մեծ կայ յառնելոյ բռնաւորաց… :
      
       Յամի տեառն 1752 Յուլիսի 1 (Կ. Պոլիս )
       Նուաստ ծառայ Հայր Զաքարիայ վարդապետ